2014-02-28 09:46:24

Ուրբաթ 28 փետրուար` ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի աւագ դպրեվանքին, Վստահութեան Տիրամօր տօնին առթիւ։


Ուրբաթ 28 փետրուար, տօն Վստահութեան Տիրամօր, երեկոյեան ժամը 6-ին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիպում կ'ունենայ. Լատերանօ շրջանի ս. Յովհաննէս Կարապետի նուիրուած դաստիարակչական կառոյցին մէջ, Հռոմի թեմի զանազան դպրեվանքերու ժառանգաւորներուն հետ։
Հանդիպումին ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը պիտի պատասխանէ կարգ մը ժառանգաւորներուն հարցումներուն եւ որուն աւարտին անոնց հետ միասին պիտի ընթրէ։
Նախօրեակին, հինգշաբթի 27 փետրտուարին, Հռոմի աւագ դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ մը որպէս նիւթ ունենալով. ''Մէկ մը եկաւ ղրկուած Աստուծմէ'' ի պատիւ նախկին աշակերտ` երանելի Յովհաննէս 23-րդ Քահանայապետին, որուն սրբադասման արարողութիւնը, Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի քահանայապետի հետ միասին, տեղի կ՛ունենայ յառաջիկայ 27 ապրիլին։
Շաբաթ օր` մէկ մարտին, առաւօտեան, ի շարս այլ արարողութիւններու, ժամը 11.30ին կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինին` տեղապահը Հռոմի թեմին, պիտի հանդիսապետէ ս. Պատարագի Զոհին որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հռոմի Նորընծայարանի ժառանագաւորները ու նախկին աշակերտները։







All the contents on this site are copyrighted ©.